2016-03-23 09:54:00

Օպամա. Քուպայի հետ յարաբերութիւնները` «Նոր Օր»։


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատմական այցելութեամբ կը գտնուի Քուպա:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Օպամա Քուպայի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներէ ետք յայտարարած է Ուաշինկթընի եւ Հաւանայի յարաբերութիւններուն մէջ «նոր օր» սկսելու մասին:

Վերջին գրեթէ 90 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քուպա այցելած առաջին նախագահը հաւաստած է, որ իր երկիրը փոփոխութիւններ պիտի չպարտադրէ համայնավար երկրին, եւ անոր ճակատագիրը պէտք է որոշեն քուպացիները իրենք: Ան միեւնոյն ժամանակ խոստացած է աւելի ուժեղ կերպով ճնշում գործադրել Քոնկրեսին վրայ, որ վերջինս ջնջէ այն տնտեսական արգելքը, որ սահմանուած էր 1959-ին Քուպայի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք: Օպամա չի կասկածիր, որ շրջափակումը ուշ կամ կանուխ պիտի վերցուի, սակայն թէ ատիկա ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, ան չէ փորձած գուշակել:

Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ իր կարգին յայտարարած է, որ Հաւանա պատրաստ է երկխօսութիւն կատարելու Ուաշինկթընի հետ, յորդորած է քաղաքակիրթ գոյակցութիւն ապահովել եւ բանավիճիլ Օպամայի հետ այն հարցին շուրջ, թէ ո՛ր երկրին մէջ աւելի յարգուած են մարդկային իրաւունքները:

Իրենց հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երկու պետութիւններու ղեկավարները լաւատես կեցուածքներ արտայայտեցին` նշելով, որ համաձայնած են միասնաբար լուծել Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերը: Սակայն անոնք ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրած են:

(Քաղուած Ազդակ-էն)








All the contents on this site are copyrighted ©.